Այբուբեն

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Արհեստագիտական նոր ձեւեր եւ տեսութիւններ իւրացնելու կարողութիւնը միշտ զօրաւոր եղած է Հայոց մէջ, ինչպէս օրինակ, 5րդ. դարու քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը, 6-7րդ. դարերու յունական փիլիսոփայութիւնն ու գիտութիւնը, 10-13րդ. դարերու սուրիական-արաբական բժշկութիւնը, 16րդ. դարու տպագրութիւնը, 18րդ. դարու մամուլը եւ դեռ ինչքան օրինակներ կարելի է յիշել, մինչեւ 20րդ. դարու տեղեկատուական գիտութիւնները:

 

Այս մօտեցումով է որ կը դիմաւորենք Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի ստեղծած Օտարախօսներու համար հայերէնի ուսուցման լսատեսողական մեթոտը, որ լեզուի ուսուցման նոր մօտեցումի մը պատշաճեցումն է արեւմտահայ լեզուին:

 

Աւանդականօրէն, լեզուի ուսուցումը դասագիրքին միջոցով կը կատարուէր լեզուական տարրերու իրերայաջորդ մասերուն (գոյական, բայ, ածական, եւլն.) բացատրութեամբ, տրամաբանական վերլուծումով, մեկնաբանութեամբ, մնալով տեսականի դաշտին մէջ:

 

Լսատեսողական մեթոտը շրջեց այս աւանդական ձեւը՝ լեզուն ընդունելով որպէս հաղորդակցութեան միջոց: Արդարեւ, խօսակիցներու միջեւ ծաւալող կենդանի խօսքի բառերն ու քերականական տարրերը իրենց տեսքով եւ հնչողութեամբ ներկայացնելով, լսատեսողական մեթոտը կ՛ապահովէ այդ լեզուական կառոյցներուն հասկացողութիւնը, իւրացումը եւ փոխադարձ օգտագործումը՝ կառուցողական վարժութիւններու միջոցով, որոնք կը մարզեն յիշողութիւնը եւ կը յառաջացնեն փոխասացութիւն:

 

Հեղինակը, մօտ 20 տարի, մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելով է որ յաջողած է հայ լեզուին պատշաճեցնել լսատեսողական մեթոտը, որ իրականութեան մէջ ստեղծուած է հաղորդակցական տեսակէտով համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող լեզուներու համար: Արդարեւ, առանց օգնութեան, առանձինն կատարած է աշխատանք մը, որ որեւէ լեզուի պարագային պիտի պահանջէր ամբողջ գիտահետազօտական հիմնարկի մը տարիներու վրայ երկարող մանկավարժական գործունէութիւնը:

 

Արդիւնքը արդարացուցած է իր աշխատանքը: Ներկայիս ունինք մանկավարժական ամբողջութիւն մը, որ կը ներառնէ Բանաւոր լեզուի ուսուցումը, Կառուցողական վարժութիւնները, Գրաւոր լեզուի ուսուցումը եւ ընթերցանութեան էջերը, երկու ձայնասալիկներ (Երեւանի Ազգային Ձայնասփիւռի Տան մէջ ձայնագրուած), մասնայատուկ բառարան մը (հոլովումներն ու խոնարհումները տուող), եւ Այբուբենը, տառերու արեւմտահայ հնչիւններով եւ միջազգային հնչիւնային այբուբենի խորհրդանշաններով միասին: Այս բոլորը՝ հայերէնով, ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով տրուած:

 

Աշակերտը կը կարողանայ հասկնալ, պատասխանել, կարդալ եւ գրել 1000 քերականական բառի սահմաններուն մէջ: Լսատեսողական մեթոտով այս հիմնական մակարդակով ուսուցում ստանալէ յետոյ, աշակերտը կրնայ խորացնել հայերէնի իր ծանօթութիւնը՝ տարբեր ձեւերով, մանաւանդ կարդալով համապատասխան գրականութիւն:

 

Հեղինակի մանկավարժական փորձառութեան շնորհիւ, օտարախօսներու համար ստեղծուած հայերէնի լսատեսողական այս Ձեռնարկը փորձարկուած է տարիներու ընթացքին եւ ինքզինք ապացուցած՝ թէ՛ միօրեայ կոչուած վարժարաններու մէջ, եւ թէ ամէն տարիքէ, առանց ուսուցիչի զայն օգտագործող չափահաս անձերու պարագային: Նոյնիսկ հայկական ամենօրեայ վարժարաններու նախապատրաստական դասարան-ներուն մէջ, օտարախօս նորեկ աշակերտները կրնայ շատ արագ կերպով հայախօս եւ հայագիր դարձնել:

 

Նոյնպէս, Սփիւռքի մէջ ուսուցիչներու պատրաստութեան նուիրուած հիմնարկներու չգոյութեան ներկայ պայմաններուն մէջ, Ձեռնարկը իր կառուցողական վարժութիւններով կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ ուսուցչութեան թեկնածուներուն, զանոնք պատրաստելով եւ ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդելով:

 

Մաղթենք որ Օտարախօսներու համար Հայ Լեզուի Ձեռնարկի ընծայած նոր կարելիութիւններուն շնորհիւ, Տիկ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի համոզիչ փորձառութիւնը շուտով տարածում գտնէ Սփիւռքի հայկական անգլիախօս թէ ֆրանսախօս վարժարաններուն մէջ: Հայերէնի ուսուցումը այլեւս չի կրնար ետ մնալ նորարարութենէ մը, որ յեղաշրջեց կենդանի լեզուներու ուսուցումը: Այս անհրաժեշտ եղափոխութեան գնով է որ հայերէնը պիտի կարենայ յաղթականօրէն ընթանալ 21րդ. դարուն, Սփիւռքի արեւմտահայ գաղութներուն մէջ:

Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել Տիկ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանին, որ լեզուին պարգեւեց այս կարելիութիւնը:

 

Փրոֆ. Ժան-Փիէռ ՄԱՀԷ

Prof. Jean-Pierre MAHÉ

 

INSTITUT DE FRANCE- Membre de l’Académie des Inscriptions et Belles-Lettres

Directeur d’études à l’Ecole Pratique des Hautes Etudes (EPHE, Sorbonne)

Membre étranger de l’Académie des Sciences d’Arménie.

Leave a comment

Make sure you enter the (*) required information where indicated. HTML code is not allowed.

Արտաբերել

Record

Pause

Գրել
Արտասանել

Record

Pause